Գլխավոր ԳրադարանՀոդվածներ ԱՆՀԱՏԻ՞, ԹԷ՞ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԾՐԱԳԻՐ

ԱՆՀԱՏԻ՞, ԹԷ՞ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԾՐԱԳԻՐ

by admin
0 մեկնաբանություն 2237 դիտում

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

Ժողովրդավարութեան կենսափորձի ամէնէն պարզ արտայայտութիւնը՝ երկրի մը մէջ բազմակուսակցական դրութիւնն է, տարբեր մտածումներ ու հայեցակէտեր ունեցող մարդոց համախմբումը՝ այս կամ այն կուսակցութեան դրօշին տակ, յետոյ նաեւ՝ անոնց միջեւ ազնիւ մրցակցութիւնը, վասն երկրին եւ ժողովուրդին ԸՆԴՀԱՆՐԱԿԱՆ շահերուն:

Միացեալ Նահանգներու քաղաքական կեանքը շատ երկար ատենէ ի վեր կը գտնուի երկու գլխաւոր կուսակցութիւններու տիրապերտութեան տակ. Դեմոկրատ ու Հանրապետական: Կան այլ կուսակցութիւններ եւ կազմակերպութիւններ, որոնցմէ մաս մը կարելի չէ նոյնիսկ կուսկացութիւն կոչել, որովհետեւ անոնց մէջ համախմբուած են մարդիկ, որոնք կը հետապնդեն այս կամ այն բարի նպատակը, կը փորձեն լուծել որոշ տագնապներ: Ամէնէն պարզ օրինակը՝ կենսոլորտի ու բնութեան պաշտպաններու կամ ցեղային ու սեռային խտրականութեան դէմ ճակատողներու համախմբումներն են: Ընկերային որոշ բարեկարգում հետապնդող կարգ մը կազմակերպութիւններ կամ համախմբումներ իսկ չեն կրնար լիարժէքօրէն դասուիլ լայնածիր գաղափարներու վրայ կերտուած կուսակցութիւններու շարքին, անկախ՝ որ բոլորն ալ կրնան ըլլալ յարգելի եւ կրնան վայելել համակրանք: Եւ իսկապէս, ո՛չ ոք կը ժխտէ, որ նման խմբաւորումներ ունին յստակ տեսլական, կը հետապնդեն հասարակութեան բարիք խոստացող աշխարհի մը իրականացումը, սակայն ըստ ամենայնի, անոնց մօտ տկար կը մնան, կամ՝ անհրաժեշտ հնչեղութեամբ չեն դրսեւորուիր համապարփակ հարցերը:

ԱՆՀԱՏԻ՞, ԹԷ՞ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԾՐԱԳԻՐ

Արդ, աչքի առջեւ ունենալով տիրապետող երկու կուսակցութիւնները, ըստ երեւոյթին, անոնց գաղափարական հակադրութիւնն ու անկէ բխող մրցակցութիւնը յենակէտ ունին դրամատիրական «ազատականութիւնը» կամ որոշ չափով ընկերվարութիւն որդեգրելու ընտրանքները (հանրապետականները եւս ունին ընկերվարական որոշ կիրարկումներ, սակայն կը զարհուրին Ընկերվարութիւն հասկացութենէն, զայն համադաս կը նկատեն համայնավարութեան եւ իրենց ընտրապայքարներուն մէջ ալ կը ցուցաբերեն այդ մօտեցումը. (Օրինակի համար, Պըռնի Սէնտըրզ մը կը հռչակուի ընկերվարական ու համայնավար, կը դառնայ վարկաբեկ):

Գաղափարական հակադրութիւնները, մասնաւորաբար նոր աշխարհին մէջ, յաճախ կը մնան լուսանցքի վրայ, այն իմաստով, որ ընտրապայքարներու փուլերուն, անոնք ըլլան նահանգային, դաշնակցային կամ նախագահական, լուսարձակները կը կեդրոնանան ԱՆՀԱՏՆԵՐՈՒ, եւ ո՛չ թէ անոնց կուսակցութեան ծրագիրներուն վրայ:

Առնենք նորագոյն ընտրապայքարի օրինակը, առանց շատ տարածուելու:

2016-ին նախագահ ընտրուած Տոնըլտ Թրամփ, յառաջիկայ Նոյեմբերի ընտրութեանց համար, ըստ էութեան մրցակից չունի իր կուսակցութեան մէջ: Նոյնն էր պարագան Պարաք Օպամայի, երբ ան կը պատրաստուէր 2012-ի ընտրութիւններուն: Անդին, դեմոկրատները առաջին փուլին հրապարակ եկան շուրջ 20 թեկնածուներով (կային նաեւ մանր թեկնածուներ, որոնց անուններն անգամ լայն յիշատակութիւն չգտան), յետոյ, ընտրապայքարի իրերայաջորդ փուլերուն, թեկնածուներու տերեւաթափ տեղի ունեցաւ, մինչեւ որ մաղին մէջ մնաց միակ թեկնածուն՝ Ճօ Պայտըն: Չմոռնանք, որ 2016-ին, նոյն խաղը խաղցուեցաւ հանրապետականներու զօրակայանին մէջ. Թրամփ ունէր 18 գլխաւոր մրցակից, նմանապէս բազմամարդ էր դեմոկրատ Հիլըրի Քլինթընի կուսակից մրցակիցներու ցուցակը:

Դեմոկրատներու այս տարուան ընտրապայքարին մօտէն-հեռուէն հետեւողը ականատես ու ականջալուր եղաւ այնպիսի հակադիր տեսակէտներու, անհատական տարակարծութիւններէ անդին գացող՝ գաղափարական մրցակցութիւններու, որոնք մտածել կու տան, թէ արդեօք այս մարդիկը իսկապէս նոյն կուսակցութեան անդա՞մ են, թէ՞ այդ անունին տակ կը ներկայացնեն բաւական անհաշտ բեւեռներ: Նախկին ընտրապայքաներուն ալ, իւրաքանչիւր կուսակցութեան մէջ մրցակիցներու ներկայացուցած խճանկարը շատ տարբեր չէր: Ճիշդ է, որ նոյնինքն Ժողովրդավարութիւնը կ’իմաստաւորուի՝ երբ տարբեր կուսակցութիւններ հանդէս կու գան հակոտնեայ կամ բեւեռային տեսակէնտերով, ծրագիրներով եւ տեսլականներով, նոյնքան ալ ընդունելի է ու բնական, որ որեւէ կուսակցութեան մէջ ըլլան ներքին հոսանքներ, ըլլան «աջեր», «կեդրոնի մարդիկ», «ձախեր», սակայն հարցը բոլորովին տարբեր բնոյթ կը ստանայ, երբ նոյն կուսակցութեան անդամները հրապարակ կու գան ամէն սահման կտրող հակադրութիւններով, տակաւին, երբեմն նոյն կուսակցութեան մրցակիցները իրարու դէմ կը հասնին ցեխարձակումի այնպիսի վարպետութեան, որ մարդ կը մտածէ, թէ հակառակորդ կուսակցութեան ախոյեաններուն բան մնա՞ց…: Իսկ այդ բոլորէն ետք, վերջին փուլին, իրարու դէմ կ’ելլեն-կը հանուին այնպիսի ախոյեաններ, որոնք եթէ մինչեւ իսկ կը շահին իրենց կուսակիցներու զօրակցութիւնը (հիմա Պայտըն այդ ճամբուն մէջ է), ընտրողը ի վերջոյ կ’անդրադառնայ (արդեօք կ’անդրադառնա՞յ), թէ ստիպուած է ընտրութիւն մը կատարել ախոյեաններու միջեւ, որոնք հանդարտ դատողութեամբ՝ երբեք ալ նախընտրելիներ չէին: Եւ իսկապէս, նախորդ ընտրութիւններէն մօտաւորապէս 4 տարի ետք, այսօր ո՞վ կրնայ ձեռքը խղճին վրայ դնելով ըսել, որ ընտրեալը լաւագոյնն էր, իսկ պարտեալը, շահելու պարագային, աւելի լաւ մէկը պիտի ըլլար: Այսինքն, քուէարկողները արդեօք երէկ Քլինթէն-Թրամփ զոյգէն աւելի լաւ երկընտրանքի մը արժանի չէի՞ն, այսօր ինչո՞ւ հարկադրուած պիտի ըլլան ընտրութիւն կատարել Թրամփի մը եւ Պայտընի մը միջեւ, որոնց թերի վկայականները աղաղակող են: Միացեալ նահանգներու պէս երկիր մը չի՞ կրնար «արտադրել» իսկապէս կարող եւ իմաստութիւն ունեցող նախագահ մը…

Տխուր իրականութեան մէջ կը ցոլան քանի մը ճշմարտութիւն: Արձանագրենք գոնէ երկուքը:

Ինչպէս նշեցինք, կուսակցութիւնները արժեզրկուած են, որովհետեւ նախ՝ թեկնածուները հրապարակ կու գան ԱՆՀԱՏԱԿԱՆ ծրագիրներով, որոնք յաճախ նուազագոյն չափով կ’արտայայտեն տուեալ կուսակցութեան տեսլականները: Մինչդեռ, կուսակցութիւններու մրցակցութեա՛ն վրայ հիմնուած ընտրապայքար՝ պիտի նշանակէր նոյնինքն կուսակցութեան ղեկավարութեան կողմէ բոլորին տեսլականները մէկտեղող, համադրող եւ զանոնք տուեալ կուսակցութեան գաղափարական տարազին պատշաճեցնող համապարփակ ծրագիրով մը ներկայանալը, այսինքն, կուսակցութիւնը ըլլար ծրագիրին վերին հեղինակը, իսկ թեկնածուն եւ իր կողքին իշխանութիւն դառնալիք խմբակը ըլլային այդ ծրագիրը իրականացնողը, գիտակ ու կարող մարդիկ, եւ ո՛չ թէ դրածոներ…: Նման դրութիւն բնականաբար չի նշանակեր տեսակ մը «միակուսակցականութիւն», որովհետեւ ի վերջոյ բուն մրցակցութիւնը պիտի կատարուի ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆՑ, անոնց մարմնաւորած ԳԱՂԱՓԱՐՆԵՐՈՒՆ, քաղաքական, տնտեսական, ընկերային, մշակութային եւ դեռ՝ շատ ու շատ մարզերու մէջ լաւագոյնին հասնելու պատկերացումներուն, եւ ոչ թէ… դեղին կամ սրճագոյն մազ ունեցողներուն, սպիտակամորթին ու սեւամորթին միջեւ:

Իրական պատկերը կը բացայայտէ (եթէ թափանցենք պատկերին խորքը եւ տեսնենք նաեւ ա՛յս իրականութիւնը), որ իւրաքանչիւր թեկնածու խորքին մէջ ո՛չ թէ կուսակցութեան մը կամ անոր այս կամ այն թեւին ներկայացուցիչն է, այլ անոր թեկնածութիւնը յառաջ կը մղեն վարագոյրին ետին գործող մեծ ուժեր, ընդհանրապէս՝ նիւթական մեծ կարողութիւններ կուտակած ընկերութիւններ կամ ընկերութեանց համախմբումներ. Լաւ պրպտողը կրնայ նաեւ տեսնել, որ նոյն «ուժերը» երբեմն իրենց կառքին կը լծեն հակառակորդ ձիեր, այդպէսով ունենալու համար վախճանական շահաւորի դիրք: (Չենք մոռցած, որ ընտրուելէն կարճ ատեն ետք, Թրափ իր առաջին այցելութեան հասցէ ընտրած էր… Սէուտական Արաբիան, հրապարակաւ ներկայացաւ զնէքերու վաճառորդ-միջնորդի դերով, իսկ վերջերս, նման «միջնորդ»ի դեր ստանձնած է այս կամ այն դեղը վաճառքի հանելու շահագրգռութեամբ): Սա ինքնին շահող թեկնածուն ի սկզբանէ պարտաւոր կը դարձնէ իրականացնել զինք տուեալ աթոռին հասցնողին պահանջներն ու ակնկալութիւնները, եւ ո՛չ թէ իր կուսակցութեան կամ, աւելի՛ն, զինք ընտրող ժողովուրդի՛ն սպասումները: Այսպէսով, կուսակցութիւնները կը դառնան շատ աւելի ձեւական եւ արժեզուրկ:

Բնականաբար պէտք չէ անտեսել միւս իրականութիւնը, որ ներկայ «ժողովրդավար աշխարհ»ին մէջ, եւ ո՛չ միայն՝ Միացեալ Նահանգներու, այս քողարկեալ բայց աղաղակող իրականութիւնը համատարած է, կը գտնէ բազմագոյն դրսեւորումներ, փորձ կը կատարուի տխուր իրականութիւնը քողարկելու «կամքի ազատ արտայայտութեան պահպանում»ի պատրանքին ստեղծումով: Երկիրներ ու ժողովուրդներ յուզող, տագնապեցնող իրականութիւններ դուրս կը ձգուին իսկական մրցակցութեան ու պայքարի դաշտերէն, զանգուածը զբաղ կը պահուի մանրուքներով, որոնք հրապարակ կը բերուին խոշորացոյցերու տակ:

Աղբյուրը՝ Hairenik Weekly, Հայրենիք Շաբաթաթերթ

 

ԹՈՂՆԵԼ ՄԵԿՆԱԲԱՆՈՒԹՅՈՒՆ

Նմանատիպ գրառումներ